Filtrer par genre

WESTERN ARMENİAN RADİO THEATER

WESTERN ARMENİAN RADİO THEATER

yegya akgun

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԹԱՏՐՈՆ🎭🎙📻 WESTERN ARMENİAN RADİO THEATER Արտասանող: Եղիա Ագկիւն 🎙 Narrator: Yegya Akgun Գրողներ Writers Յակոբ Պարոնեան /Քաղաքավարութեան վնասները Hagop Baronian / The Harms Of Manners Երուանդ Օտեան /Զավալլըն Yervant Odian / Poor Man Ռ.ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ / քիչ մը գութ և երկու կաթիլ արցունք Rober Haddecıyan / A Little Pity And Two Tears

17 - ՄԷԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ -III- ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ: Եղիա Աքկիւն
0:00 / 0:00
1x
  • 17 - ՄԷԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ -III- ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ: Եղիա Աքկիւն

    ՄԷԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ-III-


    Առաջին Բանաստեղծութիւն

    ՃԵՄԱԼ ՍԻՒՐԷՅԱ

    ՉՈՐՍ ԵՂԱՆԱԿ


    Թարգմանեց: Սեւան Տէյիրմենճեան

    Արտասանեց: Եղիա Աքկիւն


    ՉՈՐՍ ԵՂԱՆԱԿ

    Գարնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ

    Տերեւներու պէս էիք հանդիպեր

    Բոյրերու նման էիք սիրաբաներ

    Գարնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ


    Ամռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ

    Իբր առաջին անգամ էիք հանդիպեր

    Վերջին անգամու պէս սիրաբաներ

    Ամռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ


    Աշնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ

    Ողկոյզներու պէս էիք հանդիպեր

    Որդերու նման սիրաբաներ

    Աշնան շիրիմը թող թաղեն ձեզ


    Ձմռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ

    Փողոցներու պէս էիք հանդիպեր

    Շուկաներու պէս սիրաբաներ

    Ձմռան շիրիմը թող թաղեն ձեզ



    Երկրորդ Բանաստեղծութիւն

    ԿԱՐՊԻՍ ՃԱՆՃԻԿԵԱՆ


    ՍՐՃԱՐԱՆԸ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎՐԱՅ

    աղջիկներ կը քալեն

    տեսակ մը զղջումով

    ձեռքերնին փէշերուն վրայ դրած


    քովս պարապ

    կաղ աթոռ մը կ՛երերայ

    քանի մը կաթիլ արցունք

    կ՛իյնայ աչքերէս


    տունն է մայրս

    անիկա կը փչէր աչքերուս

    եւ կ՛ըսէր

    «քամուն բերածը քամին կը տանի»


    եւ աչքերս կը բանամ

    աղջիկներ կը քալեն

    տեսակ մը զղջումով

    ձեռքերնին փէշերուն վրայ դրած


    քովս պարապ

    կաղ աթոռ մը կ՛երերայ

    կը թափին արցունքի կաթիլներ

    աչքերէս վար

    չկարծէք որ կու լամ

    աչքիս մէջ փոշի փախաւ

    Sat, 07 Sep 2024 - 03min
  • 16 - ՄԷԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ -II- ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ: Եղիա Աքկիւն

    Առաջին Բանաստեղծութիւն

    Եահիա Քեմալ Պէյաթլը

    Անձայն Նաւը


    Թարքմանեց: Հմայեակ Յակոբեան


    ԱՆՁԱՅՆ ՆԱՒԸ


    Թէ ժամանակը տուած է նշանը խարիսխ առնելու

    Դէպ անծանօթ կը մեկնի նաւ մը անձայն ու հլու:

    Կարծես չունի՜ ուղեւոր, անխօս առաջ կ՛ընթանայ,

    Անշո՛ւք երթ, ո՛չ ձեռք մեկնող, ո՛չ թաշկինակ շարժող կայ:

    Յուղարկ եկած ընկերներն, կայքին վրայ գրկաբաց

    Օրեր համբուն կը սպասեն, ակնկառոյց, աչքով թաց:

    Օ՛հ, հէք սրտեր, մի՛ կարծէք թէ այս նաւն է սոսկ վերջին,

    Եւ կամ վերջին խոր սուգն է, ցաւով լեցուն այս կեանքին:

    Սիրող եւ կամ սիրական, սպասումն է անհարկի,

    Մեկնողն անդարձ մեկնեցաւ, օրէնքն այս է աշխարհի:

    Ճամբորդներէն անհամար, չեղաւ մէկը, որ ետ գայ,

    Կարծես գոհ են անոնք ալ, իրենց տեղէն հեռակայ:



    Երկրորդ Բանաստեղծութիւն;


    Կարպիս Ճանճիկեան

    ՅՈՒՍԱԼՔՈՒՄ


    Կոտրէ սիրտս զոր յոյսերով լեցուցիր

    -բաժակն հէք գինիի-

    Թող որ թափին բոսոր ջուրին մէջ անոնք

    Քանզի իտէալը տեսայ:


    Անձայնօրէն, վեհօրէն եկուր

    եկուր կոտրէ գիշերով

    բաժակն այս գիշերին:


    Ու մէկ առ մէկ թող ընդգրկեն աստղերն

    երազն իրենց լուսաշող

    ու ջախջախուի գաղափարիդ վեհ արձան

    ուր արշալույս մը պիտի ծնի:


    Եկուր երթանք ուռիին տակ միասին

    որ ուխտեցինք անցեալէն:

    Եկուր ձուլուինք բջիջ առ բջիջ

    թէ կէսերն ենք մեր նիւթին:


    Դուն այն ատեն զգացուեցար ու լացիր,

    յետոյ դարձար դիտելու

    աչերն իմ` ապա աստղերն նուաղկոտ...

    Քեզմով հոգիս արտասուեց:


    Մօտեցիր հեղ մըն ալ փաթթուինք իրարու

    լուսինը մեր գլխին

    լոկ նարօտ մըն է մահուան...


    Քալենք

    Ծով, դաշտ, լեռ, ձոր ու բլուր:


    Արտասանեց: Եղիա Աքկիւն


    Երաժշտութիւն: Ուտի Հրանդ


    Նկարներ: Արա Կիւլեր

    Sat, 07 Sep 2024 - 04min
  • 15 - ՄԵԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ -I- / ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ: Եղիա Աքկիւն

    ՄԵԿ ՔԱՂԱՔ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ-I-



    առաջին բանաստեղծութիւն;


    Օրհան Վելի Քանըք/ՍՏԱՆՊՈԻԼԸ ԿԸ ԼՍԵՄ


    թարգմանեց: Սեւան Տեյիրմենճեան




    ՍՏԱՆՊՈՒԼԸ ԿԸ ԼՍԵՄ

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.

    Թեթեւ հով մը կը փչէ նախ,

    Կամաց կամաց կը շարժին

    Տերեւները, ծառերուն վրայ։

    Հեռուներէն, շատ հեռուներէն

    Ջրկիրներու բոժոժները անդադար.

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.

    Թռչուններ կ՚անցնին, մինչ այդ,

    Բարձրերէն, երամ-երամ, կարկաչ առ կարկաչ.

    Ուռկաններ կը քաշուին տալիաններէն*,

    Ջուրին կը հպին ոտքերը կնոջ մը,

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.

    Զովասուն Գոց շուկան,

    Կայտառ Մահմուտ-փաշան,

    Բակերը՝ լեցուն աղաւնիով։

    Մուրճի ձայներ կը հասնին նաւարաններէն,

    Քրտինքի բոյրեր՝ գարնանային զեփիւռին մէջ,

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։

    *Ծովուն վրայ ձկնորսութեան համար շինուած տնակ։

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ.

    Հին դարերու գինովութիւնը գլխին,

    Եալը* մը՝ մթագին նաւատուներով՝

    Մէջը հանդարտած քամիներու ոռնոցը,

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ,

    Աղիճ մը կը քալէ մայթին վրայ՝

    Յիշոցներ, երգեր, խաղեր, սիրահետում։

    Բան մը գետին կ՚իյնայ ձեռքէն՝

    Թերեւս վարդ մը.

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ։

    Ստանպուլը կը լսեմ, աչքերս փակ,

    Փէշերուդ մէջ թռչուն մը կը մաքառի.

    Ճակատդ տա՞ք է, թէ ոչ՝ գիտեմ։

    Շրթունքներդ թա՞ց են, թէ ոչ՝ գիտեմ։

    Սպիտակ լուսին մը կը ծագի խնկենիի ետին

    Կը հասկնամ սրտի բաբախումէդ,

    Ստանպուլը կը լսեմ։

    *Ծովափնեայ ապարանք, Վոսփորի վրայ։


    երկրորդ բանաստեղծութիւն;


    Կարպիս Ճանճիկեան/Ոտքերս


    արտասանեց; Եղիա Աքկիւն




    ՈՏՔԵՐՍ

    ...եւ օր մը վերջապէս

    ձեզ հանեցին խանձարուրէն

    հագուեցուցին գուլպայ

    առաջին սովրած բաներնիդ

    եղաւ տատիս առնել

    յետոյ քալել վազել...


    դուք զիս տարիք դպրոց

    ճերմակ նուրբ գուլպաներ

    եւ լուսթրին կօշիկներ ունէիք

    յետոյ տարիներ անցան

    մեծցանք

    բախտի ձախորդ հարուածներէ հալածական

    կանգ առիք դուք

    մերթ ընդ մերթ

    մեծ գործարաններու

    դպրոցներու

    պանդոկներու դուռներուն առջեւ

    ալ դուք ճանչցաք

    տեսակը կօշիկին

    լասթիկ չիզմէներէն մինչեւ եէմէնի

    մինչեւ իսկ դուք

    բոպիկ կոխեցիք ձիւնին

    աստուած հեռու ընէ ասանկ օրեր

    ձեզմէ եւ ուրիշներէ


    դուք զիս տարիք

    քաղաքին գինետունները եւ գռիհներ

    յոգնեցաք քրտնեցաք

    հիմա կը լուամ կը չորցնեմ

    ու կ՛երկարեմ ձեզ անկողնիս մէջ


    օթօպիւս կամ հանրակառք

    չմտնելուս մի տխրիք

    խնդիրը դրամին վրայ չէ

    քաղաքը ունի գեղեցիկ վայրեր

    ծառեր ծաղիկներ

    եւ աղջիկները առատ պարտէզներ

    եզերքին հսկայ շէնքեր

    եւ փայլուն ցուցափեղկեր

    աչք է սա

    կ՛ուզէ տեսնել բոլորը բոլորը

    ու չի յագենար

    դուք ալ կը քաշէք

    անոնց հաճոյքին առթած ցաւերը

    Sat, 07 Sep 2024 - 06min
  • 14 - ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ/Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերու Մէջ 6.Բաժին(FINAL)։ ՍԱՄԱԹԻԱ 🎭🎙📻

    🎭🎙ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԹԱՏՐՈՆ 🎭📻 ԽԱՂ - «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերու Մէջ» ԳՐԵՑ - «ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ» ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ - «ԵՂԻԱ ԱԳԿԻՒՆ» Վեցերորդ Բաժին(վերջին բաժին):"ՍԱՄԱԹԻԱ" WESTERN ARMENİAN RADİO THEATER

    Mon, 23 Aug 2021 - 12min
  • 13 - ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ / «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերու Մէջ» 5.Բաժին։ ԲԵՐԱ 🎭🎙📻

    🎭🎙ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԹԱՏՐՈՆ 🎭📻 ԽԱՂ - «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերու Մէջ» ԳՐԵՑ - «ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ» ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ - «ԵՂԻԱ ԱԳԿԻՒՆ» Հինգերորդ Բաժին: "ԲԵՐԱ" WESTERN ARMENİAN RADİO THEATER

    Mon, 05 Jul 2021 - 13min
Afficher plus d'épisodes